Aram Khachaturian Արամ Խաչատուրեան

images-5

ԾՆՆԴԵԱՆ 110—ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները ոչ միայն հայկական երաժշտական արուեստի զարգացման նոր շրջան մը բացին, այլ նաեւ իր ստեղծագործական նորարարութիւնները նոր էջ մը բացին համաշխարհային երաժշտական արուեստի պատմութեան մէջ։ Արամ Խաչատուրեան նկատուած է Սովետական ժամանակաշրջանի երեք մեծագոյն երաժշտական տիտաններէն մին, Սերկէյ Փրոքոֆիէվի եւ Տիմիդրի Շոսթաքովիչի կողքին։

Ծնած է Թիֆլիս՛24 Մայիս 1903-ին՝ կրտսերագոյնը չորս տղայ եւ մէկ աղջիկ զաւակներու։ Հայրը՝ Եղիա (Իլյիչ) Խաչատուրեան, 13 տարեկանին իր ծննդավայր Նախիջեւանի Օրտուպատ շրջանի Վերին Ազա գիւղէն գաղթած է Թիֆլիս եւ զբաղած է գրքերու կազմութեան արհեստով։ Մայրը՝ Քումաշ Սարգիսովնա, նոյնպէս նոյն շրջանի Վարին Ազա գիւղէն էր։ Մանուկ եւ պատանի Արամը հմայուած էր Թիֆլիսի իր շրջապատի երաժշտութիւններով, թէեւ զրկուած մնաց երաժշտական դաստիարակութենէ մինչեւ իր երիտասարդ տարիքը։ 17 տարեկանին ձեռնարկեց շոգեկառքային շրջապտոյտի մը դէպի Հայաստան ուր հանդիպումներ ունեցաւ վիրահայ արուեստագէտներու հետ, եւ յաջորդ տարին մեկնեցաւ Մոսկուա, իր եղբօր մօտ, որ կը զբաղէր թատրոնի մը բեմադրիչի գործով։ Արամ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւեց իր երաժշտական տաղանդով եւ 1925-ին ընդունուեցաւ Կնեսսիններու անուան երաժշտանոցը, ուր ուսանեցաւ յօրինումի բաժնին մէջ։ 192-ին մտաւ Մոսկուայի երաժշտանոցը, ուր Նիքոլայ Միասքովսքիի ուսուցչութեամբ մասնագիտացաւ յօրինումի (composition) եւ Սերկէյ Վասիլէնքոյի ուսուցչութեամբ մասնագիտացաւ գործիքաւորումի (orchestration) մէջ։ Երաժշտանոցէն շրջանաւարտ եղաւ 1934-ին երբ արդէն յօրինած էր իր Առաջին Սէմֆոնին։

images-4

Իր ուսանողական շրջանէն Արամ Խաչատուրեան յօրինած է բազմաթիւ ռուսական,հայկական, հուգարական, թրքական եւ այլ ժողովուրդներու երգեր, ջութակի եւ դաշնամուրի համար. դաշնամուրի, գլարինէթի եւ ջութակի դրիօներ, դաշնամուրի վիրթուոզ «դոքքաթա»ներ, «Պարային Սուիթ» սէմֆոնիք նուագախումբի համար, եւլն։

Մոսկուա եղած շրջանին ան լայն գործունէութիւն ծաւալած է տեղւոյն Ս. Հայաստանի մշակութային տան մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցած է Ա. Միասնիկեանի, Մ. Սարեանի,Շ. Տալեանի, եւ ուրիշներու հետ։ Հեղինակած է երաժշտական կտորներ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ի, «Ատամնաբոյժն Արեւելեան»ի, Գ. Սունդուկեանի «Խաթապալա» ներկայացումներուն համար։ Խաչատուրեանի Առաջին Սէմֆոնիան (1934) հաստատած է իր յօրինողի հասունութիւնն ու տաղանդի ծաղկումին սկզբնաւորումը։ Խաչատուրեան կը հանդիսանայ առաջինը հայ երաժիշտներու մէջ՝ ազգային պալէի, սէմֆոնիք երաժշտութեան եւ գործիքային երաժշտութեան (concerto) յօրինողը, ինչպէս նաեւ ֆիլմերու երաժշտութեան հիմնադիրը։

Ան ամուսնացած է Մոսկուայի երաժշտանոցի իր դասընկերուհիներէն Նինա Մաքարովայի հետ։ ։1951-ին կը սկսի դասաւանդել Կնէսսին Հիմնարկին եւ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։ Ստանձնած է նաեւ պաշտօններ Յօրինողներու Ընկերակցութեան (Composers Union) մէջ, շրջան մը վարելով Մոսկուայի մասնաճիւղին փոխ ատենապետի պաշտօնը։ 1939-ին կը յօրինէ «Երջանկութիւն» պալէն, որ յետագային կը վերամշակէ ու կ՚անուանէ «Գայանէ» պալէ։

1943-ին Խաչատուրեան կը միանայ Համայնավար կուսակցութեան եւ1948-ին կը գրէ «Սէմֆոնիք Քերթուած»ը (յետագային կոչուեցաւ «Երրորդ Սէմֆոնի»), որ կը փառաբանէր համայնավար վարչակարգը, սակայն ունեցաւ ճիշդ հակառակ ազդեցութիւնը, որովհետեւ այդ օրերուն, այլ յօրինողներու կարգին, Շոսթաքովիչ, Փրոքոֆիէվ եւ Խաչատուրեան ամփաստանուեցան «Ձեւապաշտ»ութեամբ եւ «հակա—ժողովրդական»ութեամբ ու   ժամանակաւոր կերպով շնորհազրկուեցան, մինչեւ որ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեցին։ Սակայն այս պատահարը ծանր կերպով ճնշեց Խաչատուրեանի վրայ, որ կը մտածէր տեղափոխուիլ Հայաստան եւ հրաժարիլ երաժշտական կեանքէ, բայց շուտով սկսան մրցանակներու եւ պաշտօններու բաշխումը, ու Խաչատուրեան նշանակուեցաւ Յօրինողներու Միութեան Քարտուղար (1957)եւ Գերագոյն Սովետի երեսոխան(1958-62) Շարունակուեցան մրցանակները  Ստալինեան 4՛ մրցանակ (1941-1950) Լենինի Մրցանակ՝ (1959) Խորհրդային Միութեան Պետական Մրցանկ՝ 1971, Ընկերվարական Աշխատանքի հերոս՝1973

Խաչատուրեան իր յօրինումները ղեկավարած է Խորհրդային Միութեան տարածքին եւ աւելի քան 30 երկիրներու  բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ։

images-1

Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները կ՚ընդգրկեն լայն այլազանութեամբ երաժշտութիւն — պալէներ, երեք սիմֆոնիներ, գոնչէրթօ—րափսօտիներ (ջութակի, թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար), միայն դաշնամուրի համար գործեր (որոնցմէ ամենանշանաւորն է Toccata in E-flat minor) մանկական երկու ալպոմներ (առաջինը կը պարունակէ ծանօթ Ivan Sings շարքը, իսկ երկրորդը՝ Fugue-ը եւ «Երկու շատախօս կիներ»ու արագ կշռոյթը)։ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները կ՚օգտագործուին համաշխարհային մակարդակով բազմաթիւ ֆիլմերու, թատերական ներկայացումներու եւ հեռատեսիլի շարունակական յայտագիրներու մէջ։ Իսկ իր ամելայն համաշխարհային ճանաչում եւ ժողովրդականութիւն վայելող գործերն են՝ «Spartacus» պալէի adagio-ն եւ «Գայանէ» պալէի հանրածանօթ «Սուրերու Պար»ը։ Եւ վերջապէս, Խաչատուրեան յօրինողն է Ս. Հայաստանի ծանօթ հիմնին, որու ներշնչումը կը բխի հայ միջնադարեան եկեղեցական «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականէն։

Խաչատուրեանի երաժշտական ոճը ձեւաւորուած է համաշխարհային երաժշտութեան արուեստի վրայ, բայց բխած է հայ երաժշտական մշակոյթէն ու սերտօրէն առնչուած է Կոմիտասի, Սպենդիարեանի, Ռոմանոս Մելիքեանի եւ յատկապէս հայ ժողովրդական երաժշտութեան։ Իր կարգին, ան կը քաջալերէր երիտասարդ յօրինողներ ‘որձելու նոր ուղիներ ու երանգաւորումներ։ Իր ազդեցութիւնը զգալի է Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Առնօ Պապաջանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, էտկար Յովհաննէսեանի, Լորիս Ճգնաւորեանի եւ այլ յօրինողներու գործերուն մէջ։

Մահացած է Մոսկուայի մէջ, ։ Մայիս,1978-ին, իր 75-րդ տարեդարձէն կարճ ժամանակ առաջ, եւ թաղուած է Երեւանի Պանթէոնին մէջ։

https://www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=fWGaYcan7KA

Համադրեց՝ Յ.Ա.

Leave a Comment

five × one =

*